2010-07-31 11:43:57

Մոսկուայի մօտ առաջին Առաքելական առաջին դեսպան` գերապայծառ Մեննինիին հաւատարմագրերու ներկայացում։


Անցեալ յուլիս 15ին Մոսկուայի արտգործ նախարարաութեան պատուոյ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ առաջին Առաքելական Դեսպան` Մեննինիին հաւատարմագրերու ներկայացում ներկայութեամբ Ռուսիոյ արտգործ նախարար Սերկէյ Լավրովի։ Իսկ անցեալ յունիս 26ին Վատիկանի արտգործ նախարար գերապայծառ Տոմենիք Մանպերթին ընդունեց Դաշնակցային Ռուսիոյ առաջին դեսպան Նիքոլայ Սատլիքովիչին հաւատարմագրերը։ Մոսկուայի հաւատարմագրերու արարողութիւնը մեծ շուքով կատարուեցաւ ընդգծելու՝ դէպքին պատմականութիւնը։ Ռուսիոյ արտգործ փոխ նախարար Քրուսքօն իր ուղղած ճառով վերակոչեց երկու պետութիւններու միջեւ ժամանակին զարգացող բարի յարաբերութիւնները ու աճող համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Քրուսքօն հաղորդեց նախագահ Մետվեւտեւին բարեմաղթութիւնները պտղաբեր համագործակցութեան մը համար յօգուտ ժամանակակից մարդուն։ 







All the contents on this site are copyrighted ©.